2016-11-03 09:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի օր մեռելոցի առթիւ քարոզը` Հռոմի Փրիմա Փորթայի գերեզմանոցին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 2ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Հռոմի Փրիմա Փորթայի շրջանը գտնուող գերեզմանոցին մէջ, Սուրբ Պատարագով յիշատակեց համայն ննջեցեալներու տօնը։

Սրբազան Պապի հետ համապատարագեցին Հռոմի Թեմի տեղապահ՝ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի, փոխանորդ՝ Գերապայծառ Ֆիլիփօ Եաննոնէ, օգնական Հռոմի Թեմի հիւսիսային շրջանի՝ Գերապայծառ Կուերինօ Տի Թորա, եւ Սուրբ Ուրպանօ եւ Լորենցօ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Ցպիկնիեւ Կոլեպիեւսքի։

Սուրբ Պատարագէն վերջ Սրբազան Պապը վերադարձաւ Վատիկան, ուր աղօթքի պահ մը անցուց հանգուցեալ քահանայապետներու գերեզմաններուն մօտ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Պատարագի ժամանակ կատարած քարոզին մէջ նշեց, թէ հանգուցեալներու յիշատակը կատարելը ունի երկու իմաստ։ «Գերեզմանոցը տխուր է - ըսաւ ան - մեզի կը յիշեցնէ մեր սիրելիները, որոնք մեզմէ հեռացած են, կը յիշեցնէ նաեւ ապագան, մահը։ Այս տրտմութեան մէջ մենք ծաղիկներ կը տանինք գերեզման՝ իբր յոյսի խորհրդանիշ։» Այսօր, այս արարողութեան ընթացքին, այս տրտմութիւնն է որ կը զգանք՝ խառնուած յոյսի հետ։ Սակայն, կը զգանք նաեւ, որ այս յոյսը մեզի կʼօգնէ. որովհետեւ նաեւ մենք բոլորս, ուշ կամ կանուխ, պէտք է ընթանանք նոյն ճամբով - սակայն յոյսով առլի՝ որ անդենականի մէջ խարսխուած ամուր կապն է։ Յիսուս առաջինն էր, որ այս ընթացքը կատարեց։ Ան իր խաչով մեզի բացաւ յոյսի եւ յարութեան դուռը։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզը փակեց, ըսելով՝ «Այսօր, տուն վերադառնանք այս զոյգ յիշատակներով՝ մեզմէ հեռացած հարազատներու անցեալի յիշատակով, եւ մեր կեանքի ճանապարհի ապագայի յիշատակով։ Կատարենք այս, ա՛յն ապահովութեամբ, որ կʼելլէր Յիսուսի բերնէն՝ «անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.